USArmenianews.com
Լրատվական կայք՝ Լոս Անջելեսից
Ուրբաթ, 24 2026թ.
Լոս Անջելես
: :
Երևան
: :
Գլխավոր|Քաղաքականություն|Պաշտոնական լրահոս|Հասարակություն|Սփյուռք|Մամուլի տեսություն|Մանկավարժի անկյուն|ՀՀ Ոստիկանական Համակարգի Իրական Դեմքը |Սոցցանց|Հարցազրույց|Տեսանյութ|Շոուբիզնես|Մշակույթ|Ուտելիք-Մուտելիք|Սպորտ|Առողջապահություն|Ժամանց|Հաճելի Երաժշտություն|am|am|am
Facebook twitter Youtube
Search
am en
Արխիվ
Օրվա Լուսանկար
«Փոքրիկ Հրեշտակներ» շաբաթօրեայ մայր դպրոցը՝ որպէս հայապահպանութեան փարոս
2026-04-24 18:47:00
Տպել Տպել

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը՝ գերաշնորհ Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ, կը կրէ մեր համայնքի հոգեւոր առաջնորդութեան սրբազան առաքելութիւնը։ Այս ծառայութիւնը, ծնունդ առնելով հաւատքի լոյսէն եւ ամրանալով եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեամբ, սփիւռքի մէջ կը վերաճի նաեւ կրթական եւ ազգային ինքնութեան ամրապնդման շարունակական առաքելութեան, որուն միջոցով սերունդներուն կը փոխանցուի հայու հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը։ Այս ներդաշնակ միասնութիւնն է, որ կը կազմէ ամբողջական միջավայր մը, ուր հոգեւորը եւ ազգայինը կը միահիւսուին՝ դառնալով նոյն կոչման տարբեր արտայայտութիւններ։

Անգնահատելի է թեմի առաջնորդ Յովնան Սրբազանի հայրական հոգատարութիւնն ու անսակարկ նուիրումը։ Անոր ծառայութիւնը եկեղեցւոյ, հայրենիքին եւ ժողովուրդին կը կրէ խոր հաւատքի,

պատասխանատուութեան եւ հեռատեսութեան դրոշմը՝ ուղղուած գալիք սերունդներու հոգեւոր եւ ազգային կերտումին։ Անոր տեսլականով է, որ թեմի գործունէութիւնը կը կազմաւորուի որպէս համահունչ եւ կենսունակ համակարգ, ուր, ի շարս այլ իրողութիւններու, հաւատքն ու կրթութիւնը կը փոխլրացնեն զիրար։
Այս համապարփակ գործունէութեան կարեւոր արտայայտութիւններէն են թեմապատկան շաբաթօրեայ
կրթօճախները, որոնց շարքին առանձնակի տեղ կը գրաւէ առաջնորդանիստ «Փոքրիկ Հրեշտակներ» մայր դպրոցը՝
որպէս ազգային ինքնութեան պահպանման հզօր կենդրոն։ Վարժարանին մէջ ուսուցումը չի սահմանափակուիր
միայն գիտելիքի փոխանցմամբ․ ան կը վերածուի ինքնութեան ձեւաւորման, արժեհամակարգի ամրապնդման եւ
պատմական յիշողութեան պահպանման շարունակական ընթացքի։
2025 թուականի Օգոստոս 9-ին թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած հայերէնի ուսուցիչներու 14-րդ ամենամեայ աւանդական համախմբումը դարձաւ այս գաղափարական ուղղութեան կարեւոր
արտայայտութիւններէն մէկը։ Իր ընդգրկումով ան վերածուած է համահայկական կրթական հարթակի՝ համախմբելով զանազան երկիրներէ ժամանած բազմաթիւ մանկավարժներ։ Նման նախաձեռնութիւններ կը խթանեն մասնագիտական գործակցութիւնը եւ կը վերահաստատեն մայրենի լեզուի դերը՝ որպէս ազգային գոյութեան հիմնասիւն։
Օգոստոս 16-ին մեկնարկած նոր ուսումնական տարին շարունակեց այս ընթացքը։ Շաբաթօրեայ դպրոցներու գործունէութիւնը, համադրելով աւանդական արժէքներն ու ժամանակակից կրթական մօտեցումները, կը կազմէ միջավայր մը, ուր լեզուն, մշակոյթը եւ հաւատքը կը ներկայանան որպէս միասնական ամբողջութիւն։
Այստեղ կրթութիւնը կը դառնայ ոչ միայն գիտելիքի ձեռքբերում, այլեւ ներքին կերտում՝ մարդը իր արմատներուն վերադարձնող ուղի։

Այս միջավայրն աւելի ամբողջական կը դառնայ, երբ ուսուցումը կը միահիւսուի յիշողութեան եւ արժէքներու պահպանման հետ։ Սեպտեմբեր 27-ի յիշատակի միջոցառումները սփիւռքի մէջ կը վերածուին պատմական գիտակցութեան խորացման պահերու՝ ընդգծելով նորագոյն պատմութեան ցաւը եւ անոր թողած

պատգամը։ Այս յիշողութեան շարունակութիւնն է Ապրիլ 24-ը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու ոգեկոչման օրը, երբ սերունդները կը վերաիմաստաւորեն անցեալը՝ զայն դարձնելով ապագայի բարոյական ուղեցոյց։ Այս օրերը «Փոքրիկ Հրեշտակներ»-ու մէջ կը ձեւաւորեն արժէքներու փոխանցման կենդանի շղթայ մը, ուր անցեալը կը վերածուի ներկայի ներքին ուժի։
Տարուան ընթացքին կազմակերպուող մշակութային եւ հոգեւոր նախաձեռնութիւնները կը լրացնեն այս ամբողջական պատկերը։ Աշնանային փառատօնները, Սուրբ Ծննդեան, Ամավերջի հանդիսութիւնները եւ այլ ձեռնարկներ կը դառնան ազգային մշակոյթի պահպանման եւ վերարտադրութեան կարեւոր ձեւեր՝ ստեղծելով միջավայր մը, ուր սերունդները ոչ միայն կը ճանչնան իրենց ինքնութիւնը, այլ կը ապրին զայն՝ որպէս բնական եւ
ներքին իրականութիւն։
Դպրոցին մէջ իրականացուող այս գործընթացն իր բնական շարունակութիւնը կը գտնէ նաեւ հայրենիք–սփիւռք կապի ամրապնդման մէջ։ Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այնպէս ալ այս ուսումնական տարուն, հաստատութիւնը, բարեգործական ծրագիրներու միջոցաւ աջակցելով Հայաստանի սահմանամերձ
բնակավայրերուն՝ մասնաւորաբար Տաւուշի Ոսկեպար եւ Սիւնիքի Խոզնավար գիւղերու դպրոցականներուն, կը դառնայ ոչ միայն նիւթական զօրակցութեան արտայայտութիւն, այլեւ հոգեւոր կամուրջ մը, որ կը միացնէ սփիւռքն ու հայրենիքը։ Այս նախաձեռնութիւնները կը վկայեն, թէ աշխարհագրական հեռաւորութիւնը չի բաժներ, երբ առկայ է միասնական գիտակցութիւն եւ ընդհանուր պատասխանատուութիւն։
Հարկ է ընդգծել, որ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի գործունէութիւնը կը ներկայանայ որպէս բազմաշերտ եւ խորքային համակարգ մը, ուր հոգեւոր առաջնորդութիւնը, կրթական գործունէութիւնը եւ ազգային ինքնութեան պահպանումը կը միաձուլուին մէկ ամբողջութեան մէջ, ուր իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն ուղղուած է մէկ նպատակին՝ պահպանել հայու ինքնութիւնը ժամանակի եւ տարածութեան բոլոր փորձութիւններուն մէջ։
Եւ թերեւս հոս է, որ կը բացայայտուի գլխաւոր ճշմարտութիւնը․ հայապահպանութիւնը սփիւռքի մէջ գաղափար մը չէ միայն, այլ գոյութեան ձեւ։ Ան կ՛ապրի լեզուին մէջ, կը հնչէ աղօթքին մէջ, կը դրսեւորուի մշակոյթի միջոցաւ եւ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ՝ որպէս անտեսանելի, բայց անխախտ ժառանգութիւն։ Երբ
այս բոլորը կը միաձուլուին հաւատքի լոյսին հետ, ան կը վերածուի ուժի, որ չի մարի։ Եւ քանի դեռ այդ լոյսը կը վառուի անգամ օտար ափերուն վրայ, հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ կանգուն մնալ՝ արմատներով խոր, հոգիով ամուր եւ ապագայի հանդէպ հաստատուն վստահութեամբ։
Յովհաննէս սարկաւագ Գումրույեան
ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի շաբաթօրեայ վարժարաններու հոգեւոր տեսուչ

Այս նյութը դիտել են - 47 անգամ
Թողնել մեկնաբանություն
Բոլորը ›››
Ամենաընթերցվածները
Օրվա Շաբաթվա Ամսվա
Facebook