USArmenianews.com
Լրատվական կայք՝ Լոս Անջելեսից
Ուրբաթ, 26 2024թ.
Լոս Անջելես
: :
Երևան
: :
Գլխավոր|Քաղաքականություն|Պաշտոնական լրահոս|Հասարակություն|Սփյուռք|Մամուլի տեսություն|Մանկավարժի անկյուն|ՀՀ Ոստիկանական Համակարգի Իրական Դեմքը |Սոցցանց|Հարցազրույց|Տեսանյութ|Շոուբիզնես|Մշակույթ|Ուտելիք-Մուտելիք|Սպորտ|Առողջապահություն|Ժամանց|Հաճելի Երաժշտություն|am|am|am
Facebook twitter Youtube
Search
am en
Արխիվ
Օրվա Լուսանկար
Կլենտէյլի Հայ Դատը Կը Մեծարէ Վաստակաւոր Գործիչներ Եւ Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» Բժշկական Կեդրոնը. Asparez
2017-05-11 10:45:00
Տպել Տպել

 Untitled

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը կազմակերպէ իր տարեկան անդրանիկ մրցանակաբաշխութեան եւ գնահատանքի ձեռնարկը, որ պիտի կայանայ Չորեքշաբթի, Մայիս 17ին, երեկոյեան ժամը 6։30էն սկսեալ, «Իմփրեշընզ» սրահին մէջ (212 North Orange St., Glendale, CA 91203)։

Ձեռնարկը առիթ պիտի հանդիսանայ լուսարձակի տակ առնելու շարք մը անձնաւորութիւններու եւ տեղական կազմակերպութեանց իրագործումներն ու սպասարկութիւնները, որոնք նպաստած են հայ համայնքին եւ Կլենտէյլ քաղաքին։

Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի «Կեանքի Մը Իրագործումներու Մրցանակ»ը պիտի շնորհուի Ալիս Պետրոսեանին, որ հանրային սպասարկութեանց նուիրուած իր կեանքին ընթացքին օրինակելի ներդրումներ ունեցած է հայ համայնքի բարգաւաճման ջանքերուն մէջ։ Ան ներկայիս նախագահն է Լոս Անճելըս գաւառի Կանանց յանձնաժողովին, ատենապետն է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական հարցերու յանձնախումբին, եղած է Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցի հիմնադիրներու խորհուրդի նախագահը եւ վարչութեան անդամ է «Սորվեցո՛ւր Հայաստանի համար» կազմակերպութեան։ Ան նաեւ ատենապետն է Ուսուցիչներու վարկաւորման Քալիֆորնիոյ յանձնաժողովին, նախագահն է Քալիֆորնիոյ համայնքային քոլեճներու հոգաբարձութեան եւ մաս կը կազմէ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարաններու հոգաբարձութեան, ինչպէս նաեւ անդամ է շարք մը այլ յանձնաժողովներու ու մարմիններու։ Ալիս Պետրոսեան նախապէս եղած է Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանի վերահսկիչի տեղակալ եւ շարք մը պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանին մէջ, ներառեալ՝ վերահսկիչի օգնականի պաշտօնը։

«Երիտասարդ Գործիչի Մրցանակ»ը պիտի յանձնուի «Քլարք Մեկնեթ» վարժարանի աշակերտութեան փոխնախագահ Ճան Պանտեքին, որ աշխոյժ ղեկավարման ճամբով վարժարանին եւ համայնքին մէջ յատկանշական գործունէութիւն մշակած է։ Ան նաեւ ատենապետն է վարժարանի տնօրէնի խորհրդակցական յանձնախումբին եւ անդամ է Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի աշակերտական խորհրդակցական մարմինին, ինչպէս նաեւ համանախագահը՝ վարժարանի Հայկական ակումբին եւ հիմնադիր- համանախագահը Գիտական ակումբին։ Հայ Դատին ի նպաստ իր գործունէութեանց շարքին, Պանտեք մաս կը կազմէ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի «Հայկական ճամբար» ծրագիրի պատրաստութեան ջանքերուն եւ նուիրեալ անդամ է ՀԵԴին ու ՀՄԸՄի «Շանթ» մասնաճիւղին։ Ան հարիւրաւոր ժամեր տրամադրած է կամաւոր սպասարկութիւններու։

«Համայնքային Սպասարկութեան Մրցանակ»ը պիտի ստանայ Սիւզըն Հանթ, որ յատկանշական ներդրում ունեցած է հայ համայնքին եւ ընդհանրապէս քաղաքի բնակչութեան բարօրութիւնը ապահովելու աշխատանքին մէջ։ Ան 1996ին միացած էր քաղաքի հանրային հաղորդակցութեանց գրասենեակին՝ ստանձնելով համայնքային աղբիւրներու մասնագէտի պաշտօնը, հանրութիւնը տեղեակ պահելով շրջանի աշակերտներու իրագործումներէն, միաժամանակ՝ կրթական կարելիութիւններու դուռ բանալով քաղաքացիներուն առջեւ։ Ան ղեկավարի պաշտօններ ստանձնած է համայնքային շարք մը կազմակերպութիւններու մէջ, ներառեալ՝ Երիտասարդական համախմբումին, Խաղաղութեան սերմերուն, Մարդկային յարաբերութեանց դաշինքին, Կլենտէյլի Երիտասարդ քրիստոնեայ կանանց միութեան եւ Կլենտէյլի կրթական հիմնարկութեան։ Ան ներկայիս անդամ է Կլենտէյլի «Սորոփթիմիսթ» կազմակերպութեան, որուն նախագահը եղած է անցեալին։

«Ոսկեայ Սիրտ Մրցանակ»ը պիտի շնորհուի քաղաքի գործարարներէն եւ բնակիչներէն՝ Նազ Աթիքեանին, որ իր գթասրտութեամբ յաճախ օգնութեան ձեռք երկարած է քաղաքի կարիքաւորներուն՝ բարելաւելով անոնց վիճակը։

Իր սեփական ջանքերով եւ առատաձեռնութեան շնորհիւ, ան օժանդակած է շատերուն եւ օրինակ դարձած ուրիշներուն։ Մասնաւորապէս կարեւոր ներդրում ունեցած է Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու կազմակերպութեան գործունէութեան մէջ։ Հայաստան այցելութենէն ետք, ուր ականտեսը դարձած էր ժողովուրդին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն, ան սկսած է գործակցելու բարեսիրական կազմակերպութեան մը հետ, որ Լոս Անճելըսի մէջ մասնաճիւղ բացած է՝ Ընտանիքի փրկութեան հիմնադրամ անուան տակ, դրամահաւաք կատարելու Հայաստանի կարօտեալ ընտանիքներուն համար։ Աթիքեան նաեւ կ՛օգնէ այլոց՝ կարիքաւորներուն աջակցելու անոնց նպատակները իրականացնելու համար։

Ամերիկայի հայ Դատի յանձնախումբի «Կլենտէյլի Հայ Դատ Մրցանակը» պիտի յանձնուի համայնքի կեանքին իր գործօն դերակատարութիւնը բերող Զարեհ Իսախանեանին, իբրեւ գնահատանք Հայ Դատի աշխատանքներուն ու Կլենտէյլի հայ համայնքի բարօրութեան ի խնդիր իր ցուցաբերած հետեւողական աջակցութեան:

Իսախանեանի հասարակական գործունէութիւնը սկիզբ առած է Նիւ Եորքի մէջ, 1981ին, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամակցութեամբ եւ նոյն քաղաքի ՀԵԴ մասնաճիւղի ատենապետութեամբ: Կլենտէյլ հաստատուելէ ետք, Իսախանեան աշխոյժ գործունէութիւն ունեցած է տեղւոյն ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղին մէջ՝ կարեւոր ներդրում բերելով տարբեր յանձնախումբերու մէջ: Զարեհ Իսախանեան կը մարմնաւորէ համայնքային օրինակելի գործիչի մը բոլոր յատկանիշները: Ան նաեւ յաջող գործարար է ու բարերար, անձ մը, որ իր սրտամօտ ծրագիրներուն ու նախաձեռնութիւններուն ցուցաբերած է նիւթական ու բարոյական անվրապահ աջակցութիւն:

 Շարունակությունը՝ այստեղ

Այս նյութը դիտել են - 48048 անգամ
Թողնել մեկնաբանություն
2022-09-26 00:27:00 Օրվա խորհուրդը
Օրվա խորհուրդը
Բոլորը ›››
Facebook