USArmenianews.com
Լրատվական կայք՝ Լոս Անջելեսից
Հինգշաբթի, 02 2024թ.
Լոս Անջելես
: :
Երևան
: :
Գլխավոր|Քաղաքականություն|Պաշտոնական լրահոս|Հասարակություն|Սփյուռք|Մամուլի տեսություն|Մանկավարժի անկյուն|ՀՀ Ոստիկանական Համակարգի Իրական Դեմքը |Սոցցանց|Հարցազրույց|Տեսանյութ|Շոուբիզնես|Մշակույթ|Ուտելիք-Մուտելիք|Սպորտ|Առողջապահություն|Ժամանց|Հաճելի Երաժշտություն|am|am|am
Facebook twitter Youtube
Search
am en
Արխիվ
Օրվա Լուսանկար
Յեղափոխութեան Ժամանակը Հիմա՛ Է
2016-03-03 22:30:00
Տպել Տպել

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Այս նամակի խորագիրը, ի հարկէ, չի վերաբերիր արիւնոտ, վայրագ, երկրի մը ներքին անդորրը տակնուվրայ ընող ու բազմութիւններն ու հակադիր կողմերը եղբայրասպան բախումներու առաջնորդող յեղափոխութեան։ Ընդհակառակը, կարելին ու անկարելին պէտք է ընել՝ Հայաստանի ժողովուրդը ու քաղաքական դաշտի դերակատարները նման կործանարար արկածախնդրութիւններէ հեռու պահելու համար։

Բայց այո՛, յեղափոխութեան ժամանակը հիմա՛ է, եւ Դաշնակցութիւնը ի՛նք մեծ դերակատարութիւն ունի այս յեղափոխութիւնը սկսելու եւ յաջողութեամբ աւարտին հասցնելու դժուարին աշխատանքին մէջ։ Հիմա՛ է, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը, Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան հետ ստորագրած իր համաձայնագիրով, յստակ եւ բացճակատ կը յայտարարէ, թէ խաղի օրէնքները փոխուած են այլեւս, ու նոր Սահմանադրութիւնը կեանքի կոչելով՝ ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի հայ քաղաքացիի մարդկային իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը իրապէ՛ս դառնան բացարձակ արժէք՝ երկրի բոլոր քաղաքական ուժերուն եւ առաջին հերթին՝ իշխանութիւններուն համար։

Ուրեմն՝ յեղափոխութի՛ւն, այո՛, նախ եւ առաջ Հայաստանի քաղաքացի-իշխանութիւններ յարաբերութեան ձեւին ու բովանդակութեան մէջ, որպէսզի այս երկուքին միջեւ ստեղծուած անջրպետը քայլ առ քայլ կրճատուի ու վերանայ։ Ինքնախաբէութեամբ զբաղած կ՛ըլլանք միայն, եթէ շարունակենք պնդել անցեալի ինքնագոհ իշխանութիւններուն առաջ մղած այն թէզը, թէ Հայաստանի քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը իր քուէով փաստած է, որ գոհ է իշխող կուսակցութեան վարքագիծէն։ Բոլորս ալ գիտենք, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցած են այդ «ընտրութիւնները»։

Ուրեմն՝ յեղափոխութի՛ւն, նաեւ՝ ընտրական համակարգին մէջ։ Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի ընտրութիւններու գործընթացին հայ քաղաքացին կը հաւատայ այնքա՛ն, որքան Յիսուս՝ Յուդայի համբոյրին։ Ընտրական նոր Օրէնսգիրքը պէտք է երաշխաւորէ, խօսքով ու մանաւանդ՝ գործով, հայ քաղաքացիի քուէին ազատութիւնը, անփոխելիութիւնը եւ անկաշառելիութիւնը։ Յեղափոխութեան առաջին քայլը պիտի ըլլայ քուէարկող քաղաքացիներու ցուցակներուն պարտադիր հրապարակումը, բան մը, որ Դաշնակցութեան պահանջը եղած է տարիներէ ի վեր։

Յեղափոխութեան պէտք է սկսիլ հիմա՛, երկրի դատական իշխանութիւններուն մէջ։ Ո՞վ չի գիտեր, որ երկրի արդարադատութիւնը ամէն ինչ է, բացի… արդար ըլլալէ։ Եւ որպէսզի հայ քաղաքացին ինքզինք զգայ օրէնքով պաշտպանուած եւ օրէնքին առջեւ՝ բոլորին հաւասար, յեղափոխական քայլեր պէտք է առնել՝ մաքրելու համար արդարադատութիւնը անարդարութենէն, եւ երաշխաւորելու համար անոր անկախ եւ անկաշառ գործունէութիւնը։

Յեղափոխութիւն, այո՛, երկրի տնտեսութեան ղեկավարման մէջ, վճռական ու յանդուգն որոշումներու կայացումով ու գործադրութեամբ, որպէսզի մէկանգամընդմիշտ դադրի մենաշնորհեալներու սանձարձակ գործունէութիւնը եւ անոնց հովանաւորութեամբ ծաղկող աւերիչ փտախտը, այսպէս կոչուած՝ կոռուպցիան։ Որպէսզի իրաւազուրկ, չոր հացով ապրող հայ աշխատաւորին ու գիւղացիին թափած քրտինքը չվատնուի շահագործող ցեցերու կողմէ։

Վճռական քայլերով՝ շօշափելի, իրական, տեսանելի արդիւնքները միայն կրնան համոզիչ ըլլալ ու արդարացնել որեւէ համաձայնագիր, որուն տակ դրուած է Դաշնակցութեան սուրբ կնիքը։ Ահաւասիկ թէ ի՛նչ յեղափոխութեան մասին է խօսքը՝ դժուար, բայց իրագործելի՛, որուն արդիւնաւէտութիւնը տեսնելու համար, սկիզբը պէտք է դնել հիմա՛ ու շարունակել տքնաջան աշխատանքով, դաշնակցականավայել պայքարով։



Գրեցէ՛ք ինծի:

Րաֆֆի Տուտագլեան

[email protected]


asbarez.com

Այս նյութը դիտել են - 1267 անգամ
Թողնել մեկնաբանություն
Բոլորը ›››
Facebook