USArmenianews.com
Լրատվական կայք՝ Լոս Անջելեսից
Երեքշաբթի, 19 2024թ.
Լոս Անջելես
: :
Երևան
: :
Գլխավոր|Քաղաքականություն|Պաշտոնական լրահոս|Հասարակություն|Սփյուռք|Մամուլի տեսություն|Մանկավարժի անկյուն|ՀՀ Ոստիկանական Համակարգի Իրական Դեմքը |Սոցցանց|Հարցազրույց|Տեսանյութ|Շոուբիզնես|Մշակույթ|Ուտելիք-Մուտելիք|Սպորտ|Առողջապահություն|Ժամանց|Հաճելի Երաժշտություն|am|am
Facebook twitter Youtube
Search
am en
Արխիվ
Օրվա Լուսանկար
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐՆ ՈՒ ՍՈՒՏԻ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒՆԵՐԸ
2019-01-09 22:25:00
Տպել Տպել

«Ընկերս՝ Գէորգը, որ հայրենադարձ է՝ Լիբանանէն, եւ յեղափոխութեան առաջին իսկ օրէն աջակցած էր Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած շարժումին, երեկ ուշ գիշերին հեռաձայնեց ինծի: «Ի՞նչ պատահած կրնայ ըլլալ», մտածեցի: «Երեւի ուշացումով Նոր տարի պիտի շնորհաւորէ», ըսի ես ինծի ու պատասխանեցի զանգին:

«Լսեցի՞ր, արդէն ասոնք ալ համը հանեցին, դեռ հէլէ պաշտօն չեն ստանձնած, արդէն սկսեր են հանրապետականէն աւելի վատ ըլլալ: Ասո՞ր համար փողոց իջանք: Ասո՞նք ալ աւրուեցան արդէն, նախկիններէն ինչո՞վ կը տարբերին, ամօթ է, ամօթ, ընդունելի չէ: Դուն ինչպէ՞ս կը հանդուրժես, ասոնց հետ ինչպէ՞ս պիտի դիմանանք... Չե՞ս լսած... ինչպէ՞ս չես լսած ...»:
Ու պատմեց՝ համացանցի կարգ մը լրատուական կայքերէ ու դիմատետրի գրառումներէ իմացած է, որ Ազգային Ժողովի նախագահի եւ նախագահի տեղակալներու թեկնածուները որոշեր են պետական պիւտճէէն կէս միլիոն տոլար ծախսել եւ Mercedes Maybach-ներ բերել որպէս ծառայողական մեքենայ: Իսկ Նիկոլ Փաշինեանը որոշեր է Արմէն Սարգսեանին պաշտօնանկ ընել եւ նախագահի աթոռը տալ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին, որպէսզի այս վերջինը, սահմանադրական փոփոխութիւններէ ետք, վերստին ղեկավարէ երկիրը եւ Արցախը յանձնէ Ադրբեջանին եւ դէպի Ամերիկա ուղղորդէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը: Եւ աւելի՛ն՝ դարանակալ նոր իշխանութիւնները լուրեր տարածեր են, ըստ որոնց Արցախի մէջ դաժան ծեծի ենթարկուած է ֆրանսահայ անմեղ միասեռական մը: Ու դեռ՝ օլիգարխներուն եւ մեծ բիզնեսին հետ համաձայնաբար, Նիկոլը տասնեակ հազարաւոր հնդիկներ ու փաքիստանցիներ բերեր է Հայաստան, որոնք հայ աշխատաւորի գործին պատճառ կը դառնան եւ հազարաւոր հայեր արդէն արտագաղթել կը մտածեն: Ու դեռ աւելի՛ն...
«Լաւ լաւ, հերիք է, արդէն գլուխս դարձուցիր, մէկ հատ շունչ քաշէ, հանգստացի՛ր... Սորոս-մորոս, ԼԳԲՏ ու հեռետիկոս դեռ չպրծած, հիմա հնդիկ ու փաքիստանցի՞ հանեցիք... հանդարտիր քիչ մը, ամէն յիմարաբանութիւններու պէտք չունիս հաւատալու», ըսի բարկացած:
Գէորգ մնաց անդրդում: «Մէյ մը ֆէյսպուք մտիր եւ տես ինչե՜ր կը պատահի կոր: Մտահոգուած եմ, շա՜տ մտահոգուած եմ», ըսաւ:
Դիմատետրը մտայ եւ... սիրտս խառնուեցաւ: Սուտ եւ իրաւ, ճիշդ եւ սխալ, ֆէյք եւ իրական խառնուած են իրարու: Գէորգին ըսածները, իրականութեան մէջ, ֆէյք պատմութիւններու 10 տոկոսն են: Իսկ ցաւալին այն է, որ ֆյէքերը արձագանգող ունին Սփիւռքի մէջ: Իրենք իրենց բանի տեղ դնող, գրոց-բրոց համարող մարդիկ այս սուտ լուրերը առած՝ մեկնաբանութիւններ կընեն, վելուծութիւններ կընեն, իմաստասիրական խոհեր կը կիսեն դիմատետրի իրենց էջերուն վրայ: Կարեւոր չէ, թէ Հայաստանի վարչապետը «աբսուրդ», անհեթեթ համարած է Տէր Պետրոսեանի վերադարձի մասին լուրերը, կարեւոր չէ, թէ Maybach-ներու մասին լուրերը հերքուած են բոլորին կողմէ, կարեւոր չեն Միգրացիոն ծառայութեան տուած բացատրութիւնները Հայաստան ժամանած կամ մեկնող հնդիկներուն մասին, կարեւոր չեն Արցախի մարդկային իրաւանց պաշտպանի բացայայտումները՝ ֆրանսահայի ծեծի սուտ լուրին մասին: Կարեւորը՝ տեղ մը, անծանօթ կամ ծանօթ կայքի մը վրայ, վարկաբեկիչ սուտ լուրեր գրուած է ընտրութիւններուն ջախջախիչ յաղթանակ տարած այս կամ այն ղեկավարին մասին: Ստուգելու ի՞նչ պէտք կայ որ: Պէտք է տարածե՛նք: Տարածենք Հայաստանով մէկ, Լիբանանով մէկ, Գանատայով մէկ, Ամերիկայով մէկ: Փաստենք, որ «մենք ճիշդ էինք, Նիկոլը սխալ: Մենք հերոս ենք՝ Նիկոլը դաւաճան»: Այս է պահու թելադրանքը: Հոգ չէ, թէ սուտ է: Հոգ չէ, թէ հոգեբանական ի՞նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Հոգ չէ, թէ ի՞նչ վնասներ կրնայ պատճառել հայրենիքին, Սփիւռքին, դիմադիրին կամ ընդդիմադիրին:
Այսպէս է այս օրերուն լրատուական դաշտն ու դիմատետրը, լեցուած՝ լրատուական աղբով ու ֆէյքերով: Պէտք է ըսել, որ միակողմանի չէ այս սուտ լրատուութիւնը, այս տեղեկատուական կեղտոտ պատերազմը: Իշխանամերձ կողմերը եւս նախկիններուն վրայ յարձակումներ կը գործեն, բայց քանի որ այս օրերուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է նոր իշխանութիւններուն վրայ, ու նկատի ունենալով, որ լրատուական դաշտի մէջ դեռեւս տիրական կը մնան նախկին ուժերը, բնական է, որ աւելի ընդգծուած կերեւի նոր իշխանութուններու դէմ շղթայազերծուած պայքարը:
Իսկ սարսափելին, իրապէս, այն է, որ ըստ կարգ մը վերլուծաբաններու, թշնամի երկիրներու յատուկ ծառայութիւնները աշխուժ կերպով կը քաջալերէն տեղեկատուական այս ներհայկական պատերազմը, որ վերջ ի վերջոյ ոչ մէկ բարիք կը բերէ Հայաստանին, ոչ մէկ օգուտ՝ նոյնիսկ սուտերը ստեղծող ու տարածող այս կամ այն կողմին:
Բայց որու՞ն խօսք հասկցնես: Որու՞ն բացատրես, որ սուտ լուրերով ասոր կամ անոր վարկաբեկելը քեզի համար օգուտ չունի: Սուտերէն վնասողը՝ դեռեւս լաւատեսութեամբ ապագային նայող հասարակութիւնը կրնայ ըլլալ միայն: Իսկ թոյլ հասարակութիւնը, յոռետես հասարակութիւնը կամ անտարբեր հասարակութիւնը որու՞ շահերուն կը ծառայէ:
Հիմա եկուր եւ ատելութեամբ կուռցած կողմերուն բացատրէ, որ սուտ լրատուութեամբ՝ տեղեկատուական պատերազմէն ոչ ոք յաղթած դուրս կու գայ:
Ինչպէս որ հին հայկական իմաստութիւնը կըսէ՝ խեւին խրատը օգուտ չունի, սեւին ալ՝ սաբոնը (օճառը):»
Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէ՛ք ինծի:
[email protected]

Այս նյութը դիտել են - 21477 անգամ
Թողնել մեկնաբանություն
2022-09-26 00:27:00 Օրվա խորհուրդը
Օրվա խորհուրդը
Բոլորը ›››
Ամենաընթերցվածները
Օրվա Շաբաթվա Ամսվա
Facebook