USArmenianews.com
Լրատվական կայք՝ Լոս Անջելեսից
Երկուշաբթի, 29 2024թ.
Լոս Անջելես
: :
Երևան
: :
Գլխավոր|Քաղաքականություն|Պաշտոնական լրահոս|Հասարակություն|Սփյուռք|Մամուլի տեսություն|Մանկավարժի անկյուն|ՀՀ Ոստիկանական Համակարգի Իրական Դեմքը |Սոցցանց|Հարցազրույց|Տեսանյութ|Շոուբիզնես|Մշակույթ|Ուտելիք-Մուտելիք|Սպորտ|Առողջապահություն|Ժամանց|Հաճելի Երաժշտություն|am|am|am
Facebook twitter Youtube
Search
am en
Արխիվ
Օրվա Լուսանկար
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀՐԱՇԱԼԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԴԷՊԻ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ ՀՐԱՒԷՐՆ Է
2024-04-02 12:55:00
Տպել Տպել

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի։

Զատիկ է այսօր։ Մեր կեանքին մէջ բացուած նոր արշալոյսը՝ Քրիստոսի հրաշալի Յարութեան
խորհրդով։ Եւ անկասկած բոլորս կ’ապրինք ուրախութեան նոր մակարդակ մը, քանզի կը գիտակցինք, որ
Քրիստոսի հրաշալի Յարութիւնը դէպի առաւել կեանքի հրաւէրն է։
Քրիստոնեայ հաւատացեալին հաւատքի կեանքին բարձրակէտը՝ Յարութեան ճշմարտութեան ակընդէտ
սպասումին իրականացումն է, երբ մեր հոգու աչքերով կ’ըմբռնենք հոգեւոր վերածնունդը մեր ողջ
էութեան: Յիշեցէ՛ք Քրիստոսի ոգեշնչող խօսքը՝ ուղղուած Նիկոդեմոսին. «Պարտ է քեզ ծնանիլ
վերստին»։ Քրիստոսի այս խօսքը մարտահրաւէր մըն է, որ իրօք հրաշագործենք մեր կեանքը։
Արդարեւ, Սուրբ Յարութեան խորհուրդը՝ քրիստոնէական մեր հաւատքին ու կեանքին իմաստը
բնորոշող առանցքն ու ողնասիւնն է: Եւ եթէ անհաղորդ ենք այս գերագոյն ճշմարտութեան, ապա կը
դադրինք կենսագործելէ եւ ստեղծագործութեամբ կեանքը զարդարելու գիտակցութենէն: Ուրեմն մարդուն
կեանքը պիտի ըլլայ ստեղծագործական կեանք։
Տօնախմբել Քրիստոսի հրաշալի Յարութիւնը կը նշանակէ կեանքին նայիլ Աւետարանի լոյս
պատգամներու պրիսմակին ընդմէջէն, որ մեր առջեւ կը ներկայանայ Աստուածորդին, որպէս ճանապարհը
ճշմարտութեան ու սրբութեան, որուն հետքերով քայլողը կը հանդիպի Արարիչն Աստուծոյ: Մարդուն
կեանքը պիտի ըլլայ ճանապարհը դէպի Աստուած, այլապէս կը դառնանք օտարական Աստուծոյ աչքին։
Զատկական տօնին առաւօտը մեր հոգեւոր էութեանը մէջ կը հաստատէ նոր կեանքին ու առաւել
կեանքին արշալոյսը: Սուրբ Յարութեան խորհուրդը տօնախմբել պարզ բառերով կը նշանակէ տօնախմբել
ու ապրիլ Քրիստոսի կեանքն ու ներկայութիւնը, հաւատալ Անոր առաքելութեան եւ ի մասնաւորի ճանապարհորդակից դառնալ Անոր երկրաւոր կեանքին մինչեւ խաչելութիւն, եւ ապա տեսիլքն ունենալ Յարութեան խորհուրդին՝ մարդկութեան կեանքին մէջ բացուած ու արմատացած հոգեւոր յաղթանակին։
Այսօր, անկասկածօրէն մեր մէջ կը ծնի բարի ձգտումը, որպէսզի ձայնակից դառնանք Քրիստոսի եւ յայտարարենք՝ «Ես յաղթեցի աշխարհին»։ Աշխարհը կեանքի մէջ առկայ փորձութիւններն են, որոնց յաղթելու համար պէտք է ապրինք խաչի խորհուրդով։
Զատկական խորհուրդը՝ քրիստոնեայ հաւատացեալի հաւատքի կեանքի վերամկրտութիւն է, մեր հաւատքի կեանքին նոր առաւօտը եւ Յարուցեալին հետ հանդիպելու ու Անոր յաւիտենական ներկայութիւնը վայելելու յոյսն ու խոստումը։ Զատկական տօնը հրաւէր է, որպէսզի վկայախօսը դառնանք
Քրիստոսի յարութեան խորհուրդին, Անոր հետ խաչը բարձրանալով, եւ Անոր Յարութեամբ մեր հոգեւոր
էութեան մէջ ծնունդ տալու յարութեան յոյսին:
Քրիստոսի յարութեան խորհուրդը տօնախմբել կը նշանակէ իջնել հոգիներուն խորքը, որպէսզի
յարութեան շունչով նոր իմաստ ներշնչենք մեր անհատական կեանքին, մեր ընտանեկան կեանքին եւ մեր
համայնքային-ընկերային կեանքին: Մեր անհատական կեանքը պիտի դարձնենք Յարութեան խորհրդով
ներշնչուած կեանք։ Մեր ընտանեկան կեանքը գերագոյն յաղթանակն է մեր կեանքի։
Եւ ինչպիսի՞ խորհուրդ կը տեսնենք Քրիստոսի Յարութեան տօնախմբութեան մէջ: Աղօթքով կրնանք
պատասխանել այս հարցումին.- «Քրիստոսի յարութեան խորհուրդով լուսաւորուած մարդուն կեանքը իր
մէջ կը տեսնէ առաւելութիւններն ու թերութիւնները եւ իր անձը կը վերահաստատէ կատարելութեան
ժայռին վրայ»: Կեանքն ու ժամանակը, Աստուծմէն մեզի տրուած կարեւորագոյն հոգեւոր դրամագլուխներ
են, որոնք երբ իմաստութեամբ կը լեցնենք, այն ժամանակ կը կանգնիք կատարելութեան ժայռին վրայ։
Յիսուսի յարութեան խորհուրդը դժուար է բառերով բացատրել. հաւատքն է բանալին ըմբռնելու
համար յարութեան խորհուրդին անսահմանելիութիւնը, որը կ՛ապրինք այն գիտակցութեամբ ու
համոզումով, որ յարութիւնը նոյնինքն այն կամուրջն է, որ մարդը կը տանի ու կ՛առաջնորդէ դէպի
յաւիտենականութիւն: Այս տեսիլքն ապրող մարդը իր մէջ կը գտնէ իր կեանքը կատարելագործելու ներքին
զօրութիւնը, որոնելու համար ուղիներ ընտանիքը ընկալելու որպէս սրբութիւն սրբոց եւ խաղաղութեան
ոգին մատակարարելու մարդկանց միջեւ: Հայ քրիստոնեայ ընտանիքը՝ սրբութիւն սրբոցն է ե՛ւ ի Հայաստան ե՛ւ ի սփիւռս աշխարհի։ Հայ քրիստոնեայ ընտանիքը՝ Հայաստանի խորհրդանիշն է եւ Ս.Էջմիածնի ոգին։
Երանելի է եւ գերերջանիկ է այն քրիստոնեան, որ Սուրբ Յարութիւնը կը դարձնէ հոգեւոր սնունդը իր
կեանքին: Քանզի Սուրբ Յարութեան խորհուրդը ապրող մարդուն համար իր ներքին աշխարհի դուռն է:
Գիտութիւն անհրաժեշտ չէ հասկնալու համար այս ճշմարտութիւնը, այլեւ միայն անկեղծ հաւատք,
այնպէս ինչպէս մեր նախնիք որդեգրցին ծառայակերպ ու աղօթաբոյր կեանք՝ Քրիստոսի կեանքին
օրինակին հետեւողականութեամբ:
Արդ, սիրելիներ, Զատկական տօնին մեր պատգամն է, որ ձեր հոգեւոր կեանքը նորոգէք, հաւատքը
խորացնէք ձեր էութեան մէջ, բայց ամէնէն աւելին մեր սպասումն է, որ ձեռք-ձեռքի տուած մեր զաւակաց
կեանքը զարդարենք քրիստոնէական հաւատքով, որպէսզի ամէն բարի խօսք ու գործ դարձնենք աղօթքի
ներշնչող ոգեկան ուժ: Որովհետեւ ինչքան հարուստ են մեր զաւակունք քրիստոնէական հաւատքով,
մշտապէս աղօթող, կեանքով Աւետարանի ոգին դրսեւորող, այնքան եւս պաշտպանուած է անոնց կեանքը
Աստուծոյ ներկայութեամբ:
Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։
Քրիստոս Իր հրաշալի յարութեամբ պարտութեան կը մատնէ մեր ներքին մեղաւոր մարդը, որպէսզի
վերածնինք որպէս նոր մարդ: Մարդկութիւնը երեկ եւ այսօր եւ մշտապէս ծարաւի է նորին: Յիշենք
Շնորհալի Մեծ Հայրապետին խօսքը.- «Նորոգո՛ղ հնութեանց, նորոգեա՛ եւ զիս, նորօք զարդարեալ»:
Քրիստոս է դուռը՝ նոր կեանքին եւ Իր յարութիւնը՝ դէպի առաւել կեանքի հրաւէրն է:

Զատիկ է այսօր։ Զատիկը հայելին է մեր նոր կեանքին։ Եւ այսօր, ս. պատարագով ներշնչուած, մեր
ընտանիքներով հաւաքուած կը տօնենք նոր կեանքը՝ Քրիստոսի Յարութեան լոյսով։ Սուրբ Յարութիւնը
մեր ազգի ծնունդ տուող արմատն է, որուն մայրն է եղած երէկ, այսօր եւ յաւիտեան՝ Հայց. Առաքելական
մեր Մայր Եկեղեցին, որուն խորանէն կը քարոզենք հրաշալի Յարութիւնը Քրիստոսի.՝
Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։
Հայրական օրհնութեամբ՝

Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի
Սուրբ Զատիկ, 2024


Այս նյութը դիտել են - 542 անգամ
Թողնել մեկնաբանություն
Բոլորը ›››
Ամենաընթերցվածները
Օրվա Շաբաթվա Ամսվա
Facebook