ՆԷՆՍԻ ՓԵԼՈՍԻԻ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ
2022-09-19 11:55:00
Հիմա երբ կ՚աւարտի Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակ եւ ԱՄՆ-ի պետութեան թիւ 2 ղեկավար Նէնսի Փելոսիի այցելութիւնը Հայաստան, հարկ է ընդգծել կարգ մը իրականութիւններ։
Այս իրականութիւններուն գլխաւորագոյնը մեր փոխադարձ բարեկամութիւնն ու յարգանքն է։ Պէտք չէ կասկածիլ Տիկ. Փելոսիի հայութեան ու Հայաստանի հանդէպ տածած բարեկամութեան։ Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր փոխադարձ բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը տասնամեակներու վրայ կ՚երկարին։ Իր դուռը միշտ բաց եղած է ու կը մնայ մեր առջեւ։ Ան ո՛չ միայն կը լսէ մեզ, այլեւ կը խորհրդակցի ու կը գործակցի Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ։ Այս գործակցութիւնը պիտի շարունակուի։
Միւս իրականութիւնը այն է, որ Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակը եղած է ու կը մնայ խիզախ՝ հայութիւնը յուզող հարցերու պաշտպանութեան մէջ, առանց դոյզն իր մտահոգուելու, թէ իր կեցուածքը ինչպէս կ՚ընկալուի պաշտօնական Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ։
Իրականութիւն է նաեւ Հայաստանեան ներ-քաղաքական մակարդակի վրայ ներկայ իշխանաւորներու կողմէ այս այցելութեան շահարկումը արգելակող Տիկ. Փելոսիի զուսպ ու խափանող կեցուածքը։ Ներկայ իշխանաւորներուն հետ ան յարաբերութիւններն ու տեսակցութիւնները պահեց փրոթոքոլային շրջագծի մէջ՝ ի տարբերութիւն վերջին երեք տարիներուն Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսիի այս իշխանութիւններու հանդէպ շռայլած զեխութիւններուն։
Նաեւ կան այլ իրականութիւններ, որոնց կ՚անդրադառնամ առանձնաբար։
Սեդօ Պոյաճեան
Սեպտեմբեր 19, 2022
Այս նյութը դիտել են - 580 անգամ