Հայ Իրաւաբանական Միութիւնը Կ՛աջակցի Ընտանեկան Բռնութեան Կանխարգիլման Օրինագիծին Asparez
2017-11-01 21:07:00

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ իրաւաբանական միութեան վարչութեան իգական սեռի անդամները միացեալ յայտարարութեամբ մը ողջուած են անցեալ ամիս Հայաստանի խորհրդարանին ներկայացուած «Ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման» օրէնքի նախագիծը՝ կոչ ընելով անոր անյապաղ վաւերացման, միաժամանակ յիշեցնելով, որ միութիւնը անցեալ տարի եւս նման բանաձեւի մը վաւերացումը ջատագոված էր (https://armenianbar.org/2016/10/26/arwc-urges-passage-of-domestic-violence-laws-in-armeniaՅայտարարութեան մէջ կատարուած այս կոչին կողքին ցաւ կը յայտուի, որ տակաւին յատկանշական թիւով կանայք դէմ կ՛արտայայտուին նման օրինագիծի մը՝ պնդելով, թէ նման օրէնքներ կրնան վնաս հասցնել հայ ընտանիքի աւանդական արժէքներուն ու ընտանեկան միասնութեան։

«Մենք «ո՛չ» կ՛ըսենք հայ կիները անմարդկայնացնող նման բռնարարքներու, յատկապէս երբ բռնարարքի դիմողը զոհին ընտանեկան պարագաներէն է», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ՝ շեշտելով. «Ալ բաւարա՛ր է»։

«Մենք ընտանիքը ամէն բանէ վեր կը դասենք. հայ կինը անձնազոհութեան դիմեց եւ հազիւ վերապրեցաւ Ցեղասպանութեան ընթացքին դէպի անապատ տեղահանութենէն՝ կարենալով ժամանակաւոր պատսպարաններ հաստատել Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ, իսկ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք հայրենադարձութեան դիմեց՝ պահպանելու համար մեր ազգային արժէքները, որոնց պաշտպանութեան համար է որ պիտի չարտօնենք, որ մեր երեխաները վայրագութիւն սորվին իրենց հայրերէն կամ ապրին այնպիսի պայմաններու մէջ, ուր իրենց մայրերուն ծեծուիլը բնական կը նկատուի», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

asbarez.com

Այս նյութը դիտել են - 7660 անգամ