«ԱՆԲԱՂՁԱԼԻՆԵՐԸ». Սեդօ Պոյաճեան
2022-08-04 15:36:00
Գիտէ՞ք։ Հայ բոլշեւիկները երբեք Հայաստանը իբրեւ երկիր կամ անկախ պետութիւն չէին ընդունած իրենց Լենինեան գաղափարախօսութեան մէջ։ Անոնք հաւատարիմ էին իրենց կուսակցապետ Վլատիմիր Իլիչ Լենինի կուրսին եւ ըստ այնմ լծուած միջազգային յեղափոխութեան։
Բայց, Մայիս 28, 1918-ին ստեղծուած Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան փաստը մտածել տուաւ հայ բոլշեւիկներուն։ Ի տես անկախ հայկական պետութեան փաստին, հայ բոլշեւիկները իրենց լենինեան կուրսին մէջ այս նոր փաստին գոյութիւնը մուծեցին։ Այսպիսով, հայ բոլշեւիկներու թէ՛ աչքը եւ թէ՛ ախորժակը բացուեցաւ նորաստեղծ Հայաստանի նկատմամբ։ Ի վերջոյ, ինչո՜ւ բաւարարուիլ միայն միջազգային յեղափոխութեամբ, երբ կարելի է միաժամանակ սեփական երկրի ու սեփական պետական ղեկավարութեան պատեհութիւնը ունենալ։
Այդ օրէն սկսեալ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը տապալելու եւ պետութիւնը իւրացնելու երազը նպատակ դարձաւ հայ բոլշեւիկներուն համար։
Սակայն, ինչպէ՞ս կարելի էր Սարդարապատեան յաղթանակներ նուաճած երկրի մը իշխանութիւնը տապալել։
Լուծումը պարզ էր։ Զինակցիլ Հայաստանի ոխերիմ թշնամի Ատրպէյճանին հետ։ Շուտով, Պաքուի մէջ իրենց կեդրոնը հաստատելով, հայ բոլշեւիկները սկսան դաւել անկախ Հայաստանի օրինաւոր իշխանութեան դէմ՝ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան (մի մոռնաք՝ Ատրպէյճանը տակաւին խորհրդայնացած չէր, այլ անկախ պետութիւն էր Հայաստանի նման) ամբողջական աջակցութեամբ։
Հայ բոլշեւիկները յաջողեցան Հայաստանի անկախութիւնը տապալել շնորհիւ Ատրպէյճանի օգնութեան եւ Լենինեան-Աթաթիւրքեան զինակցութեան նեցուկին։
Հայաստան խորհրդայնացաւ։ Բայց հարցը իշխանութիւնը պահելն էր։ Բանալին իշխանութեան պահպանման Հ. Յ. Դաշնակցութեան «լիկուիտացիան» էր։ Ամբողջ երկրի տարածքին հայ բոլշեւիկները Դաշնակցականներն ու դաշնակցական համակիրները բանտարկեցին, կացինահարեցին, Սիբիր աքսորեցին, հայրեիքէն արտաքսեցին...
Այսպէս է, որ հիմը դրուեցաւ իշխանութիւնը պահելու պոլշեւիկեան աւանդութիւնը։
Աւանդութիւնը տասնամեակէ տասնամեակ կրկնուեցաւ։ Ահաւոր էին 1930 թուականներու վերջին հինգ տարիները, երբ Եղիշէ Չարենցի, Ակսել Բակունցի նման հարիւրաւոր հայ մտաւորականներ «լիկուիտացիայի» զոհը գացին։ Ան որ «Դաշնակ» էր, նաեւ «նացիոնալիստ» էր, ան որ «նացիոնալիստ» էր, ուրեմն «Դաշնակ» էր։ Հետեւաբար, բոլորն ալ «լիկուիտացիայի» արժանի։
Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր հօր՝ Պոլշեւիկ Յակոբին հարազատ որդին էր։ Ան խանձարուրէն հակադաշնակցական էր։ Բայց Տէր Պետրոսեան նաեւ իշխանութիւնը պահելու մտահոգութիւնը ունէր։ Ուրեմն, 1992-ին, ան կեանքի կոչեց Դաշնակցութեան դէմ «լիկուիտացիայի» աւանդութիւնը։ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանը անբաղձալի տարր յայտարարելով՝ արտաքսեց Հայաստանէն։ Ձերբակալեց ու բանտարկեց Հայաստանի ՀՅԴ կազմակերպութեան պատասխանատուները։ Ան մինչեւ իսկ իր բոլշեւիկեան «լիկուիտացիան» տարածեց Սփիւռքի գաղութներուն վրայ՝ անբաղձալի տարրեր յայտարարելով երեսունէ աւելի Դաշնակցականներ, որոնց հայրենիք մուտքը արգիլուեցաւ։ (Կցեալ՝ Սփիւռքի «անբաղձալի» Դաշնակցականներուն անուանացանկի մասին «Փաստ» թերթի լրատուութիւնը։)
Մեր նորօրեայ հայ բոլշեւիկ Նիկոլ Փաշինեանը պարզապէս կը հետեւի բոլշեւիկեան «լիկուիտացիայի» աւանդութեան՝ իշխանութիւնը պահելու համար, անշուշտ իր պոլշեւիկ նախահայրերուն պէս՝ ապաւինելով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նեցուկին։
Սեդօ Պոյաճեան
Օգոստոս 4, 2022
Այս նյութը դիտել են - 1727 անգամ